2011-01-21 11:47:18

13-20 յունուար 1990. Պաքուի Հայութեան Փոկրոմին` << Ազգային Կործանման>> 21- Ամեակ


21 տարի առաջ, 1990-ի այս օրերուն, տակաւին խորհրդային անունը կրող Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն թատերաբեմ դարձաւ հակահայ մոլեգնութեան արիւնալի եւ աւերիչ, ահաւոր... խրախճանքի մը։
Ամբողջ շաբաթ մը, օր ու գիշեր, սանձարձակ վոհմակը ազերի զինեալներու՝ հալածանքի ենթարկեց, խոշտանգեց ու սպաննեց, քանդեց եւ տեղահան դարձուց քաղաքի հայերը, բառացիօրէն կործանեց Պաքուի հայութիւնը։
Թէեւ նախապէս ալ, երկու տարի առաջ, 1988-ի փետրուարին, արցախեան շարժման սկզբնաւորումին առ ի հակադարձութիւն, յատկապէս Սումկայիթի եւ մասամբ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած էին հակահայ կոտորածներ, բայց յունուար 1990-ի երկրորդ կիսուն պատահածը աննախադէպ էր իր քաղաքական տարողութեամբ եւ նշանակութեամբ։ Պաքուի հայութեան դէմ գործուած ազերիական մոլեգին յարձակումը ուղղակի փոկրոմ էր, որ ռուսերէն անուանումն է ցեղային, կրօնական կամ ազգային ամբողջ միաւորի մը կործանումին։ Ռուսերը առաջին անգամ փոկրոմ բառը, իր քաղաքական այս նշանակութեամբ, գործածած էին նացիական Գերմանիոյ կողմէ հրեաներու կործանումը բնութագրելու համար։
1990-ի յունուարին խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները իրե՛նք փոկրոմ անուանեցին Պաքուի հայութեան դէմ գործուած ոճիրները՝ հաստատելով, որ պատահածը սոսկ ամբոխային անկարգութիւն չէր, այլ քաղաքականօրէն որոշուած, ծրագրուած ու կազմակերպ եղանակով գործադրուած յանցագործութիւն էր։
Ազերիներու գործադրած անօրինակ փոկրոմը նպատակադրած էր բառացիօրէն ջնջել հայկական ներկայութիւնը Պաքուի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.